2015-11-17 11:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը` ''Զգուշացէք աշխարհիկ կեանքէն''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Զգուշացէք աշխարհիկ կեանքէն որ կը մղէ կրկնակի կեանքի'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առաւօտեան սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։ Ան ապա հաստատեց թէ քրիստոնէական ինքնութիւնը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ է ունենալ հետեւողականութիւն եւ խուսափիլ աշխարհիկ կեանքէն։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ հոգեւոր աշխարհիկութիւնը մեզ կը հեռացնէ կեանքի հետեւողականութենէն ու մեզ կը դարձնէ անհետեւողական։ Մէկը ինքզինք կը ձեւացնէ թէ որոշ կեանքի կը հետեւի մինչ այն ուրիշ կեանք կ՛ապրի։ Աշխարհիկութիւնը  կը նմանի ցեցին որ կամաց կամաց կը կրծէ ու կը կործանէ...եւ այդ անհատը որ աշխարհիկութեան ծոցը կ՛իյնայ կը կորսնցնէ իր քրիստոնէական ինքնութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ բաւարար չէ ըսել ''ես կաթողիկէ եմ, եկեղեցի կը յաճախեմ...աշխարհիկութիւնը կը մղէ կրկնակի կեանքի` երեւոյթով կեանքը եւ իսկականը, ան մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ ու մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կը կործանէ։ Ասոր համար Յիսուս Հօրմէ կը խնդրէ որ իր աշակերտները հեռու պահէ աշխարհիկութենէն յարեց ապա Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Քրիստոնէական հոգին, եսասէր չէ, այլ նուիրական է ու միշտ կը մտածէ ուրիշին ծառայել եւ բարի օրինակ հանդիսանալ։

Հարկաւոր է դիմել Տիրոջ որպէսզի նեցուկ կանգնի մեզի. Միայն ինք կարող է այս մէկը իրականացնել ու միակն է որ մեզ կրնայ փրկել - ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց աղօթել ''Տէր ես մեղաւոր մըն եմ, բայց քեզմէ կը խնդրեմ նեցուկդ` որպէսզի չ՛իյնամ կրկնակի կեանքի փորձութեան մէջ'' ։

Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց ներկաներուն յորդորելով  ընթեռնուլ մակաբայեցիներու գիրքէն սուրբ գրային հատուածները եւ ուժ ու նեցուկ գտնելու` յառաջ տանելու համար քրիստոնէական ինքնութիւնը առանց փոխզիջումներու եւ առանց կրկնակի կեանքի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.